Միջազգային մարզական մամուլը, ինչպէս նաեւ հայկական լրատու աղբիւրներ, երէկ անդրադարձան Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներէն մէկուն ընթացքին մարզադաշտի մը մէջ գրուած յատուկ մեծ պաստառի մը մասին, որուն ընթացքին այդ մէկը պատրաստողները, իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ զինուորին, որ իր մահուան գնով կը պայքարի թուրքին եւ ազերիին դէմ:
Այդ պաստառին վրայ գրուած էր.
«Արցախը՝ Հայաստան է: Կանգնած ենք ձեր կողքին»: