Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը՝ Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը պիտի ըլլայ զուիցերիական Եանկ Պոյզին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմին մէջ, երէկ Զուիցերիա մեկնեցան 20 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին՝ Մխիթարեան:
Նշենք, որ իտալական կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, յառաջիկային իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ՝ Սոֆիայի Բանակայինները (Պուլկարիա) եւ Քլուժը (Ռումանիա):