Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ եւ փոխախոյեան` Պորուսիա Տորթմունտ, արձանագրեցին տպաւորիչ յաղթանակներ:
Պայէրն, որ հիւրընկալեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (10-րդ, 26-րդ եւ 60-րդ): Միւս երկու կոլերը նշանակեցին Լըրոյ Սանէ (72-րդ) եւ Ժամալ Մուսիալա (91-րդ):
Հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Պայէրն մնաց երկրորդ դիրքին վրայ` կէտով մը ետ առաջին դիրքը գրաւող Լայփցիկէն, որ իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հերթա Պերլինին:
Պայէրնի նման տարեշրջանի իր 12-րդ կէտը ապահովեց Պորուսիա Տորթմունտ, որ պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շալքէն, 3-0 արդիւնքով:
Տորթմունտի կոլերը նշանակեցին Մանուէլ Աքանժի (55-րդ), Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ (61-րդ) եւ Մաթց Հիւմելս (78-րդ):