Մեսսիի Շնորհիւ Պարսելոնա 4 Տարուան Ընթացքին Շահեցաւ 619 Միլիոն Եւրօ
Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի շնորհիւ, Պարսելոնա 2017 թուականէն ի վեր ապահովեց 619 միլիոն եւրօ եկամուտ: Մեսսիի հետ հովանաւորող ընկերութիւններու պայմանագրութիւնները անոր ակումբին ապահոված են աւելի շատ եկամուտ, քան` առանց ֆութպոլիստին: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մրցումներու տոմսերուն եւ ֆութպոլիստներու մարզաշապիկներու վաճառքին: Նշենք, որ սպանական «Էլ-Մունտօ» պարբերաթերթը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին հրապարակած էր գաղտնի տուեալներ, ըստ որոնց,...




















