Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի առաջարկով, Եուրա Մովսիսեան նշանակուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի դեսպան:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս հայրենի ֆութպոլիստը, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Իր կատարած յայտարարութեան մէջ Մելիքբէկեան ըսաւ.
«Իմ կարծիքովս, անկախութենէն ետք, Մովսիսեան Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը կը նկատուի: Վստահ եմ, որ անոր ունեցած գիտելիքները, փորձառութիւնը եւ խանդավառութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլան այն համագործակցութեան, որուն ձեռնարկած ենք:
«Եուրա Մովսիսեանը պիտի ըլլայ այն կամուրջը, որուն շնորհիւ աւելի պիտի սերտանայ ֆետերասիոնին կապը` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն հետ, որոնք ֆութպոլով կը զբաղին»:
Իսկ Եուրա Մովսիսեան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ ինծի յանձնուած այս պարտականութեան համար:
«Այժմ, որ ֆութպոլիստի ասպարէզս աւարտած եմ, կը փափաքիմ առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ մեր ֆութպոլին:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մեծ թիւով հայեր կ’ապրին: Ճիշդ այս պատճառով է, որ այստեղի եւ Հայաստանի մէջ կապը պէտք է ըլլայ անքակտելի, որպէսզի միասին աւելի զարգացնենք մեր ֆութպոլը»: