Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷին կողմէ երէկ հրապարակուած ճատրակի միջազգային դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ` 6-րդ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 52-րդ դիրքին վրայ, մինչ Հրանդ Մելքումեան կը գրաւէ 78-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Կարէն Գրիգորեան դուրս մնաց առաջին հարիւրէն: