Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի շնորհիւ, Պարսելոնա 2017 թուականէն ի վեր ապահովեց 619 միլիոն եւրօ եկամուտ:
Մեսսիի հետ հովանաւորող ընկերութիւններու պայմանագրութիւնները անոր ակումբին ապահոված են աւելի շատ եկամուտ, քան` առանց ֆութպոլիստին:
Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մրցումներու տոմսերուն եւ ֆութպոլիստներու մարզաշապիկներու վաճառքին:
Նշենք, որ սպանական «Էլ-Մունտօ» պարբերաթերթը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին հրապարակած էր գաղտնի տուեալներ, ըստ որոնց, Մեսսի 2017-ին իր կնքած պայմանագրութեան համաձայն, արդէն իսկ ստացած էր 511 միլիոն եւրօ: Ընդհանուր եկամուտը կը կազմէ 555 միլիոն եւրօ` առանց տուրքերը վճարելու:
Ֆութպոլիստին ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ պարբերաթերթին դէմ դատ պիտի բանան այսպիսի գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելու համար: