Լիբանանցի մարզական անուանի լրագրող Մոհամետ Աուատա, որ կարճ ատեն մը առաջ վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով, չկարենալով պայքարիլ անոր դէմ, կիրակի, 31 յունուարին մահացաւ: Ան 59 տարեկան էր:
Լիբանանեան մարզական մամուլի միութիւնը, անոր մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն` նկատի ունենալով, որ անոր կանխահաս մահով մարզական աշխարհը կորսնցուց կարեւոր դէմք մը, որ աշխուժ եւ գործօն էր իր կատարած աշխատանքներուն ընթացքին:
Նշենք, որ ան եղած էր նաեւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի խորհրդատուն, ինչպէս նաեւ վարած էր այլ պաշտօններ, որոնց կարգին` Քաթարի 2022-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու աշխատանքին համար կազմուած յանձնախումբի անդամ: