Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւան նախորդ շաբաթավերջին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը` պատրաստուելու համար Հայաստանի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին:
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ, այս հաւաքին ընթացքին նախատեսուած էին նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Հայրենի կազմը իր կատարած բարեկամական առաջին մրցումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` տեղւոյն կազմերէն Աթլեթիքօ Արապիայի դէմ:
Արարատ-Երեւանի այս հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ 12 փետրուար: