Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Նշուեցաւ, որ 73 տարեկան Փերես, այդքան ալ ծանր վիճակի մէջ չէ եւ այնպէս կը թուի, որ այդ ժահրը անոր վրայ այդքան ալ ծանր չէ ազդած:
Փերէսէն առաջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած էին նաեւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան եւ սպանացի միջնապահ Նաչօ Ֆերնանտես: