
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, Տենվըր Նակեթց, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, 128-117 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով կասեցուց անոր յառաջխաղացքը, որ վերջին 11 մրցումներուն կը մնար անպարտելի:
Յաղթական կազմէն Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 47 կէտ, մինչ հիւր կազմէն Պոժան Պոկտանովիչ` 29 կէտ:
Այլ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին, 149-146 արդիւնքով: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Ուիզըրտծ) նշանակեց 41 կէտ, իսկ Քեւին Տիւրանթ (Նեթց)` 37 կէտ: