Պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ շրջանին, իր կարգին, Փիւնիկ Երեւան մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցումներ:
Առաջին մրցումին, հայկական կազմին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռոտինա (2 փետրուար): Երկրորդին եւս Փիւնիկ պիտի մրցի ռուսական այլ կազմի մը` Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի դէմ (12 փետրուար):
Երրորդ մրցակիցին անունը պիտի յստականայ աւելի ուշ: