Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի («Քոփա-Տել-Ռէյ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Կրանատային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») մրցումներուն գծով ցարդ տեղի ունեցած 21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա, որ ապահոված է 40 կէտ, կը գտնուի դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ, մինչ Կրանատա, որ ունի 29 կէտ, կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ: