Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիր Յովհաննէս Բաչքով արհեստավարժ ռինկի վրայ իր երկրորդ մենամարտը պիտի կատարէ Ղազախստանի մէջ:
Նշուեցաւ, որ հայրենի կռփամարտիկին երկրորդ մենամարտը նախատեսուած է Ալմաթիի մէջ, 27 փետրուարին: Անոր մրցակիցին անունը ցարդ յայտնի չէ:
Բաչքով արհեստավարժ ռինկի վրայ իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց `9 սեպտեմբեր 2020-ին: Գիւմրեցի մարզիկը 8 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց վենեզուելացի իր մրցակիցին` Սամուէլ Կոնզալեսին: