Երէկ` երկուշաբթի, 1 փետրուարին, Լիբանանի Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Մակեդոնիա մեկնեցաւ Լիբանանի սնոպորտի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքր երկիրներու սնոպորտի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-5 փետրուարին:
Մակեդոնիոյ մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնեն երկու մարզիկներ` Հայսամ Հըպէյքա եւ Տանիէլ Թոք, որոնք ընտրուեցան Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ:
Նշենք, որ վերջերս Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութեան, Լիբանանի աղջիկները գրաւեցին առաջին դիրքը` իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ: