Ծովակալ Էտմոն Շաղուրի Մահացաւ «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով
Լիբանանեան մարզական աշխարհը կորսնցուց բաւական երեւելի անձնաւորութիւն մը, որ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ եւ միշտ օգտակար դարձաւ, որ լիբանանեան մարզաշխարհը գտնուի իր բարձունքին վրայ: Լիբանանի ծովային մարզաձեւերու ֆետերասիոնի (եախթ, թիավարութիւն եւայլն) նախագահ` ծովակալ Էտմոն Շաղուրի, որ վերջին շրջանին երկու շաբաթ պայքարեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ, մահացաւ: Ան եղած է նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ուրուկուէյի դեսպանատան պատուոյ դեսպան,...




















