Սկովտիական Մատըրուելի ուկանտացի յառաջապահ` Պեւիս Մուկապի, Ռոս Քաունթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կոլի հեղինակ դարձաւ 262 սմ բարձրութենէն: Ան ցատկեց 75 սմ եւ այդ ցուցանիշով գերանզանցեց Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշենք, որ յունուար 2019-ին Ռոնալտօ 256 սմ բարձրութենէն դարձեալ գլխու հարուածով նշանակած էր կոլ մը:
25 տարեկան Մուկապի 2019-էն ի վեր մաս կը կազմէ Մատըրուելի:
Իսկ 2018-էն ան մաս կը կազմէ Ուկանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին, որուն հետ իր մասնակցութիւնը բերած է միջազգային 10 մրցումի: