Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի ճատրակի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը` Արփինէ Գրիգորեանի յաղթանակով, որ տիտղոսակիր հանդիսացաւ, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ:
7 կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց Աստղիկ Յակոբեան, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Նարէ Առաքելեան` 6 կէտով:
Նշենք, որ այսպիսով անոնք իրաւունք ստացան իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մամիկոն Ղարիբեան, որ ապահոված է 6,5 կէտ: Իսկ 6-ական կէտ ապահոված են Դաւիթ Շահինեան եւ Լեւոն Բաբուջեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: