Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մինչեւ 2022-ի Մոնտիալը յաղթահարած կ’ըլլանք «Քորոնա» ժահրը, եւ մրցումները կը կատարուին անցեալին նման` մարզադաշտերը ամբողջութեամբ լեցուցած համակիրներով:
Ան յայտնեց, որ մենք պիտի սորվինք ապրիլ այս վարակին հետ:
Ինֆանթինօ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ նուիրուած էր «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը, որ պիտի կատարուի Քաթարի մէջ, տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր: