Ֆրանսական Ֆութպոլ. Նէյմար Նշանակեց 2 Կոլ, Բայց Փարիզ Սեն Ժերմեն Պարտուեցաւ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը վերջին դիրքը գրաւող Լորիանէն` 3-2 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը, երկուքն ալ` փենալթիով, յաջորդաբար` 45-րդ եւ 58-րդ վայրկեաններուն, սակայն հիւրընկալ կազմը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ) նշանակեց իր յաղթանակի կոլը եւ ատոր շնորհիւ բարձրացաւ 18-րդ...




















