Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ-Արմենիա, որ ներկայիս Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց Եքաթերինպուրկի Ուրալէն` 2-0 արդիւնքով:
Ռուսական կազմը իւրաքանչիւր կիսախաղի կոլ մը նշանակեց հայկական կազմին բերդին մէջ:
Հայկական կազմին հետ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, որ նախորդ շաբաթ հեռացած էր ռուսական Թամպովէն եւ միացած երեւանեան ակումբին:
33 տարեկան ֆութպոլիստը, որ դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղին, կրեց թիւ 87 մարզաշապիկը:
Արարատ-Արմենիայի այս հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 12 փետրուար: