Մասնակցութեամբ 35 ծանրաբարձներու, տեղի ունեցան Հայաստանի ծանրաբարձութեան աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները եւ բնականաբար յստակացան ախոյեաններուն անունները` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Հայաստանի ախոյեան հանդիսացան հետեւեալ մարզիկները.
Լարիսա Յարութիւնեան (45 քկ), Կարինէ Աւդալեան (49 քկ), Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ), Իզապելլա Եայլեան (59 քկ), Անուշ Արշակեան (64 քկ), Միլենա Խաչատրեան (71 քկ), Էմմա Պօղոսեան (76 քկ), Լիանա Գիւրջեան (81 քկ), Տաթեւ Յակոբեան (87 քկ) եւ Ժիւլիեթթա Աւանէսեան (87 քկ եւ վեր):
Անդրադառնալով տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան ըսաւ.
«Ախոյեանութեան մասնակցողներուն թիւը այդքան ալ քաջալերական չէր, որովհետեւ բոլորին ալ ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին ներկայութիւնը աւելի տիրական էր: Անիկա իր վատ անդրադարձը ունեցաւ նաեւ այս մարզաձեւին վրայ ալ, բայց կը կարծեմ, որ հետզհետէ մեր կատարելիք հաւաքներուն կը միանան նոր դէմքեր:
«Կը մտադրենք մօտիկ ապագային ուսումնամարզական հաւաք մը կատարել Աբովեանի մէջ, որպէսզի պատրաստ ըլլանք Եւրոպայի ախոյեանութեան, որուն կայացման թուականը ցարդ չէ յստակացած»: