«Եւրօ-2020». Սպանիա Եւ Իտալիա Հասան Կիսաւարտականին. Այսօր` Չեխիա-Դանիա Եւ Ուքրանիա-Անգլիա
Երէկ` ուրբաթ, 2 յուլիսին «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Առաջինին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա), իրարու դէմ մրցեցան Սպանիա եւ Զուիցերիա: Այս մրցումին 90 վայրկեանները, ապա` երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Դիմուեցաւ փենալթիներու, որոնց ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց Լուիս Էնրիքէի գլխաւորած կազմը` Սպանիա, 3-1 արդիւնքով: Զուիցերիայէն երեք մարզիկներ չյաջողեցան փենալթիներու այդ...




















