«Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» առցանց ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին օրուան ճակատումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իրեն մրցակից ունէր նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը, անկէ պարտութիւն կրեց 2,5-1,5 արդիւնքով:
Աշխարհի գործող ախոյեանը` Քարլսըն, Արոնեանի դէմ արձանագրեց երկու յաղթանակ, հաւասարութիւն մը եւ անկէ կրեց պարտութիւն մը:
Անոնք երկուքը այսօր` ուրբաթ, 2 յուլիսին, դարձեալ կը կատարեն չորս հանդիպում` իրարու դէմ:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 1,6 միլիոն փաունտ:
Նշենք, որ հայրենի կրանտմասթըրը այս մրցաշարքին եւս իր մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել Հայաստանի դրօշին տակ: