Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ երէկ Գ. հանգրուանի մրցումներուն ճակատեցաւ ամերիկացի Ֆրանսես Թիաֆոյէի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Խաչանով ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը:
Այսպիսով, Խաչանով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հասաւ այս մրցաշարքի Դ. հանգրուանին: Ան առաջին անգամ այդ իրագործումը կատարած էր 2018-ին:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 35 միլիոն փաունտ:
Անհատական մրցաշարքին յաղթականը կը ստանայ 1,7 միլիոն փաունտ: