Երկու օրուան հանգիստէ մը ետք, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը շարունակող խումբերը այսօր եւ վաղը կը կատարեն քառորդ աւարտականի իրենց մրցումները:
Այսօր ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Զուիցերիա իր դէմ պիտի ունենայ Սպանիան:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ Պելճիքա-Իտալիա մրցումը, ժամը 22:00-ին:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, ժամը 19:00-ին Չեխիա կը մրցի Դանիոյ դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին Ուքրանիա` Անգլիոյ դէմ: