«ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն նախօրեակին, «Կրասենոթ» անուանի գործակալութիւնը ներկայացուց մրցաշարքի հաւանական տիտղոսակիրին գծով իր կարծիքը` յայտնելով, որ ինք նախապատուութիւնը կու տայ Անգլիա-Պելճիքա աւարտականին:
Ըստ անոր, տիտղոսակիրը պիտի ըլլայ Անգլիա, մինչ աւարտականի մրցումին անոր մրցակիցը պիտի հանդիսանայ փոխախոյեան:
Իտալիա պիտի հանդիսանայ երրորդ, իսկ Սպանիա` չորրորդ:



