Ռէալ Մատրիտի 31 տարեկան միջնապահ Թոնի Քրուս երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու Գերմանիոյ հետ իր միջազգային ասպարէզին:
Գերմանիոյ հետ միջազգային 106 մրցումի մասնակցած Քրուս ըսաւ, որ ասիկա որոշած էր յայտարարել բաւական առաջ:
Ան ըսաւ, որ իր 11 տարիները` Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ, եղան յիշատակելի տարիներ:
2010-ին առաջին անգամ ըլլալով Գերմանիոյ շապիկը կրած Քրուս նշանակած է 17 միջազգային կոլ: