«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յստակացաւ արեւմտեան շրջանի ախոյեանին անունը:
Կիսաւարտականի 6-րդ մրցումին, Ֆէոնիքս Սանզ 130-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ, յաջողեցաւ ապահովել արեւմտեան շրջանի ախոյեանի տիտղոսը` 4-2 արդիւնքով յաղթելով անոր:
Այսպիսով, Սանզ 1993-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտականին:
Յաղթական կազմէն Քրիս Փոլ նշանակեց 41 կէտ:
Նշենք, որ արեւելեան շրջանին մէջ այժմ կիսաւարտականի մրցումը, Միլուոքի Պաքսի եւ Աթլանթա Հոքսի միջեւ կ՛ընթանայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:



