Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի 30 յունիսին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը մրցեցաւ Հուփսի դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով, որոնք 64-56 (19-12, 32-24, 53-39 եւ 64-56) պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը:
ՀՄԸՄ-էն բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունենալով տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Նենսի Մաալուֆ (20 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Հակառակ անոր որ ախոյեանութեան (նախքան կիսաւարտական հանգրուանը) աւարտին ցարդ մնացած է հանգրուան մը, սակայն ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Ռիատի Պէյրութ, Հուփս եւ Պէյրութ ապահովեցին ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը: