Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը, Ղազիրի դաշտին վրայ:
Անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 88-74 արդիւնքով (18-22, 31-44, 53-62 եւ 74-88):
Իր արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակէն ետք, այժմ Ռիատի կարիքը ունի երրորդ յաղթանակի մըն ալ` ապահովելու համար աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Ռիատիէն 29 կէտ նշանակեց Քերիմ Զէյնուն, իսկ Սաժեսէն 27 կէտ նշանակեց Քրիսթոֆ Խալիլ: