Մարզական

Թոքիօ-2020.  Ողիմպիականի Խաղերուն Մասնակցող Հայաստանի 17 Ներկայացուցիչները

Թոքիօ-2020. Ողիմպիականի Խաղերուն Մասնակցող Հայաստանի 17 Ներկայացուցիչները

23 յուլիսէն 8 օգոստոս, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենան Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը, որոնք տարիով մը յետաձգուած էին «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նախորդ շաբաթավերջին բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ աւարտեցան ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքերը եւ յստակացան այդ խաղերուն մասնակցողները: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այդ խաղերուն մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութեան անուանացանկը: 8 մարզաձեւերու մէջ Հայաստան պիտի ունենայ 17 մարզիկ:...

Կռփամարտ.  Հայաստան Տիրացաւ Միայն Պրոնզէ Մետալի Մը

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ Միայն Պրոնզէ Մետալի Մը

Գերմանական Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ միայն մետալի մը, այդ ալ շնորհիւ Շանթ Խաչատրեանի (67 քկ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 10 մարզիկով:  

Ճատրակ.  Հայրենի Վարպետները Պիտի Սկսին Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Հայրենի Վարպետները Պիտի Սկսին Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

10 յուլիսին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) ազդանշանը կը տրուի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Երէկ տեղի ունեցաւ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, թէեւ ցարդ զտումի մրցումներ կը կատարուին: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց պայքարին կը սկսին 1-64-րդ հանգրուանէն: Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Շանթ Սարգսեան իրենց պայքարին կը սկսին 1-128-րդ հանգրուանէն: Իսկ աղջկանց...

«Ուիմպըլտըն».  Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Քառորդ Աւարտականին

«Ուիմպըլտըն». Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Քառորդ Աւարտականին

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն, 25-րդ դասուած Կարէն Խաչանով, երէկ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 1-16-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 3-6, 6-4, 6-3, 5-7 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Սեպասթիան Քորտային: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 3 ժամ 50 վայրկեան: Քառորդ...

Թոքիօ-2020.  Պասքեթպոլի Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերը

Թոքիօ-2020. Պասքեթպոլի Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերը

Նախորդ շաբաթավերջին իրենց աւարտին հասան Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն պասքեթպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումները: Չեխիոյ ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց ողիմպիական խաղերու իր տոմսը` 97-72 արդիւնքով յաղթելէ ետք Յունաստանին: Պասքեթպոլի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունք ստացան նաեւ Գերմանիա եւ Իտալիա: Վերջին տոմս ապահովողը հանդիսացաւ Սլովենիա, որ 96-85 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիոյ: Ստորեւ` տղոց պասքեթպոլի խաղերուն մասնակցող կազմերը. Ա. խմբակ.-...

Անելքա. «Էմպափէ Պէտք Է Հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն»

Անելքա. «Էմպափէ Պէտք Է Հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն»

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին ֆութպոլիստ Նիքոլա Անելքա վստահ է, որ փարիզեան խումբի յառաջապահ, աշխարհի ախոյեան Քիլիան Էմպափէ, մեծ յաջողութիւններու հասնելու համար պէտք է հեռանայ Ֆրանսայէն: «Եթէ ան կը փափաքի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կամ Լիոնել Մեսսիի նման յաջողութիւններու հասնիլ, պէտք է միանայ աւելի զօրաւոր ախոյեանութիւններու, որոնց կարգին են Սպանիա եւ Անգլիա», ըսաւ Անելքա: 22 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը...

Մուրինիօ Մարսելոն Կը Համոզէ Տեղափոխուիլ Ա. Էս. Ռոմա

Մուրինիօ Մարսելոն Կը Համոզէ Տեղափոխուիլ Ա. Էս. Ռոմա

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ, կը փափաքի իր կազմին մէջ տեսնել Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Մարսելոն: Ըստ սպանական մամուլին, փորթուգալցի մասնագէտը կը փորձէ համոզել 33 տարեկան ֆութպոլիստը, որպէսզի միանայ իտալական ակումբին: Միեւնոյն ժամանակ սակայն, արքայական ակումբը չ՛ուզեր հրաժարիլ Մարսելոյէն, որովհետեւ կը մտադրէ խումբէն հեռացած սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոսին փոխարէն ակումբին խմբապետ նշանակել նոյնինքն պրազիլցին: 2007-ին Ռէալ...

«Քոփա-Ամերիքա».  Պրազիլ-Փերու Եւ Արժանթին-Քոլոմպիա Կիսաւարտականի Ճակատումներ

«Քոփա-Ամերիքա». Պրազիլ-Փերու Եւ Արժանթին-Քոլոմպիա Կիսաւարտականի Ճակատումներ

Անցնող օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան «Քոփա-Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականի հասնող չորս խումբերը: Պրազիլ կը մրցի Փերուի դէմ, իսկ Արժանթին` Քոլոմպիոյ դէմ: Էքուատորի դէմ արձանագրուած յաղթանակին, Լիոնել Մեսսի նշանակեց Արժանթինի երրորդ կոլը (3-0):  

«Ֆորմիւլա-1».  Մաքս Վերսթափենի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափենի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Աւստրիոյ կրան փրիին յաղթականը եղաւ «Ռետ Պուլ»-ի ներկայացուցիչ, հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն, որ այսպիսով յաջողեցաւ արձանագրել իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց, «Մերսետես»-ի վարորդ` Վալթերի Պոթթաս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Լանտօ Նորիս («Մաքլարըն»): «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի գործող ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց չորրորդ դիրքը: Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ Վերսթափեն...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մնաց Անպարտելի` 8-1 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Սալամ Սալիմային

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մնաց Անպարտելի` 8-1 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Սալամ Սալիմային

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մրցեցաւ Սալամ Սալիմայի դէմ, արձանագրեց 8-1 արդիւնքով այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին` Ռաուատ Սայյետ (սխալմամբ` իր բերդին մէջ), Ժոզեֆ Նատեր, Քամալ Ահրաժ (3-ական կոլ) եւ Ներսէս Գիւլխանճեան: Նշենք, որ այսպիսով, վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ մնաց անպարտելի միակ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը Կը Սկսին Աղջկանց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսին Աղջկանց Ֆայնըլ Ֆորի Մրցումները

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն յայտագիրը, բնականաբար երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի մրցումները: 14-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Մանարայի մէջ Ռիատիէն կրեց 81-32 արդիւնքով պարտութիւն մը (25-9, 40-19, 67-24 եւ 81-32), գրաւեց դասաւորման չորրորդ դիրքը: Ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ռիատիի դէմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Աւարտականին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հասաւ Աւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը: Արձանագրելով իր երրորդ յաղթանակը` 107-80 արդիւնքով, Ռիատի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Շանվիլ-Աթլաս մրցումին յաղթականին դէմ: Առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց Շանվիլ:  

«Եւրօ-2020».  Անգլիա Մեծ Եւ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

«Եւրօ-2020». Անգլիա Մեծ Եւ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Շաբաթ, 3 յուլիսին, տեղի ունեցան «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի վերջին երկու մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականին հասնող վերջին երկու կազմերը: Կիսաւարտականին հասած առաջին երկու խումբերը եղած էին Սպանիա եւ Իտալիա: Անոնց երկուքին եկան միանալու Անգլիա եւ Դանիա, որոնք նախանցեալ օր յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար Ուքրանիոյ եւ Չեխիոյ դէմ: Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ Անգլիա մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» Մրցաշարքի Տիտղոսին

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ մասնակցութիւնը բերաւ «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` Վլատիսլաւ Արտեմիեւին: Աւարտական մրցումին երկրորդ օրը եւս հայրենի կրանտմասթըրը յաղթանակ արձանագրեց անոր դէմ` 2-0 արդիւնքով: Նշենք, որ այս մրցաշարքին կազմակերպիչներն են աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն եւ աղջկանց միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Հու Եիֆան: Այստեղ տեղին է նշել,...

Կռփամարտ.  Հայրենի Կռփամարտիկը Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկը Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան յաջող մեկնարկ ունեցաւ 80 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Դաւիթ Սիմոնեան, որ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր թուրք մրցակիցին դէմ: Առաջին երկու ռաունտերուն Սիմոնեան ունեցաւ մեծ առաւելութիւն, իսկ երկրորդ ռաունտ-ին, իրաւարարները ռինկէն դուրս հանեցին թուրք կռփամարտիկը, որ արգիլուած հարուածներ սկսած էր կատարել: Նշենք, որ երէկ թեքնիք նաք աութով յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 60...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ Երեւան Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ Թիֆլիսի Մէջ

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Երեւան Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ Թիֆլիսի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը 19-24 յուլիսին ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ` պատրաստուելու համար 2021-2022 տարեշրջանին: Հաւաքին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներ, 20 եւ 23 յուլիսին: Նշենք, որ խումբը արդէն իսկ այժմ իր ուսումնամարզական առաջին հաւաքը կը կատարէ Դիլիջանի մէջ:  

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Աղջկանց 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Աղջկանց 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը Երեւանի մէջ սկսաւ նախապատրաստուիլ այս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան«Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումներուն: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Յարութիւնեան: Անոր գլխաւորութեամբ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 12 մարզիկներ: 13-18 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Յունաստան,...

«Ուիմպըլտըն».  Ֆետերեր Եւ Պարթի Ապահովեցին Դ. Հանգրուանի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Ուիմպըլտըն». Ֆետերեր Եւ Պարթի Ապահովեցին Դ. Հանգրուանի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին 6-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլի Պարթի: Ֆետերեր, 6-4, 6-4, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անգլիացի Քամերոն Նոյէի դէմ: Իսկ աղջկանց մրցումներուն Պարթի 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց չեխ Քաթերինա Սինիաքովային:  

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սալամ Սալիմա

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սալամ Սալիմա

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, այսօր` շաբաթ, 3 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Սալամ Սալիմայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արդէն իսկ ապահոված է ֆայնըլֆորի մրցումներուն իր տոմսը, այժմ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` Ռիատի-Սաժես Երրորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ռիատի-Սաժես Երրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը, Ռիատիի դաշտին վրայ` Մանարա: Նշենք, որ Ռիատի, որ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, երրորդը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:  

Page 490 of 1279 1 … 489 490 491 … 1,279

Արխիւներ