Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ կատարուող եւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող պասքեթպոլի տարբեր դասակարգերու մրցաշարքը գրեթէ կը հասնի իր աւարտին:
Պասքեթպոլի յատուկ ձիրքեր ունեցող փոքրերու եւ պատանիներու այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 30 տարբեր մարզադաշտերու վրայ եւ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ այդ մարզիկները կատարեցին` թրի փոյնթի, ազատ հարուածի եւ տրիպըլի մրցումներ:
Մրցումները կը կատարուին այս շաբաթավերջին` Թաատոտի մարզադաշտին եւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ: