Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն մասնակցելու առաջարկ ներկայացուցած են 15 ակումբներ:
Հայաստանի ֆութպոլի 2021-2022 տարեշրջանի, բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած ակումբներն են.
Ալաշկերտ, Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Նոա, Սեւան, Վան, Փիւնիկ, Ուրարտու, Երեւանի բանակայիններ, Նորավանք, Լեռնային Արցախ, Ալաշկերտ-2, Արարատ-Արմենիա-2, Փիւնիկ ակադեմիա եւ Ուրարտու-2:
Նշուեցաւ, որ մինչեւ անոր աւարտին վերջին օրը` 30 յունիս, Շիրակի կողմէ որեւէ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ:
Այս շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարելիք նիստին ընթացքին պիտի հրապարակէ երկու ախոյեանութիւններուն մասնակցող խումբերուն անունները եւ անոնց կայացման վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարէ: