Հայաստանի ներկայացուցիչ կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան (2781) երէկ ապահովեց արագ ճատրակի «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» առցանց մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը (2847):
Կիսաւարտականի երկրորդ օրը, հայրենի կրանտմասթըրը հիմնական չորս մրցումներուն յաղթեց 3-1 արդիւնքով (2 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն) եւ պարտադրեց թայ պրէյքի մրցում:
Առաջին օրը Արոնեան պարտուած էր 2,5-1,5 արդիւնքով:
Թայ պրէյքով Արոնեան յաղթեց 2-0 արդիւնքով:
Աւարտականին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Վլատիսլաւ Արթեմիեւ, որ իր կարգին թայ պրէյքով պարտութեան մատնեց Չինաստանի ներկայացուցիչ` Տին Լիրենը (1,5-0,5):
Աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը: