Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ որոշեց իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այս մասին երէկ յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
22 տարեկան ֆութպոլիստը իր որոշումին տեղեակ պահեց իր ակումբին ղեկավարութիւնը եւ մեկնեցաւ 15 օրուան արձակուրդի:
Անոր պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ իր աւարտին կը հասնի 2021-2022 տարեշրջանէն անմիջապէս ետք, եւ ան անվճար կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը կ՛ուզէ շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ: