Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Բ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ:
6-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ 6-4, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Քարլոս Ալքարաս Կարֆիայի դէմ:
Իր կարգին, Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 6-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ 7-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Ռիշար Կասքէին: