Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի երէկ հեռացաւ իտալական Ֆիորենթինայէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ 38 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութեան ժամկէտը հասաւ իր աւարտին, կողմերը որոշեցին նոր համաձայնագիր մը չկնքել իրարու հետ:
2019-ին Ֆիորենթինա տեղափոխուելէն առաջ ֆրանսացին 12 տարի մաս կազմած է Պայէրն Միւնիխին:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29 մրցումի:



