Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Նոա նոր տարեշրջանին գծով իր պատրաստութիւնները կը շարունակէ:
Երեւանեան ակումբը երէկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 17 տարեկան միջնապահ` Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Սարգսեան ներկայիս հանդէս կու գայ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ:
Նշենք, որ նախքան Նոա տեղափոխուիլը, ան ելոյթ կ՛ունենար Փիւնիկ Բ.-ի հետ:



