Հայկական Ֆութպոլ. Արտակ Գրիգորեան` Հայաստանի 2020-2021 Տարեշրջանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստին վերաբերեալ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքները: Ապահովելով 41 կէտ, տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտի խմբապետ Արտակ Գրիգորեան: 30 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից, միջնապահ Դաւիթ Դաւիթեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 22 կէտով ամբողջացուց Ուրարտուի ֆութպոլիստ Ուկոչուքվու Իվու: Իսկ լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ Արարատ-Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան, որ...




















