Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խումբը երկարաձգեց պայմանագրութիւնը սպանացի միջնապահ Խուան Մաթթայի հետ:
33 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Նախորդ պայմանագրութիւնը աւարտած էր անցեալ ամիս` յունիսին:
Նշենք, որ Մաթթա 2014-ին լոնտոնեան Չելսիէն տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:



