Քինկզլի Քոման Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Քինկզլի Քոման երէկ սկսաւ իր փորձերուն իր կատարած սրտի վիրաբուժութենէն ետք, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 25 տարեկան ֆրանսացի ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթ ենթարկուած էր յաջող վիրաբուժութեան: Ան «Պունտըսլիկա»-ի 2021-2022 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս մրցումի` առանց կոլ նշանակելու կամ կոլի փոխանցման հեղինակ դառնալու:




















