Երէկ` հինգշաբթի, 23 սեպտեմբերին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը Լուցքօ քաղաքին մէջ (Խրուաթիա) կատարեց Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Խրուաթիոյ դէմ:
Մրցակիցին դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, հայրենի կազմը կրեց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Զտումի մրցաշարքի Բ. խմբակին մէջ Հայաստան իր դէմ պիտի ունենայ նաեւ Լիթուանիան եւ Ղազախստանը:
26 սեպտեմբերին Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիթուանիան: