Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ նաեւ այսօր` շաբաթ, 25 սեպտեմբերին Մոնփելիէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, այս մասին երէկ յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս մրցումը կ՛իյնայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ 34 տարեկան ֆութպոլիստը թեթեւ վնասուածք ունի եւ մինչեւ երէկ չէր մարզուեր ընդհանուր խումբին հետ, Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը չ՛ուզեր վտանգել իր ֆութպոլիստը, մանաւանդ որ շաբաթ, 25 սեպտեմբերին խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Մանչեսթըր Սիթիի դէմ, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով:
Նշենք, որ Մեսսի իր վնասուածքը ստացաւ Լիոնի դէմ տեղի ունեցած 6-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
Մեսսի, որ 76-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ, մարզադաշտէն դուրս գալու ընթացքին չուզեց սեղմել իր մարզիչին Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի ձեռքը: