Մարզական

Ռոնալտօ Շրջանցեց Մեսսին

Ռոնալտօ Շրջանցեց Մեսսին

Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Եուվենթուսէն անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուելէն ետք, գլխաւորեց աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներու ցանկը, այս գծով յայտնեց «Ֆորպզ»-ը: Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարի պիտի շահի 125 միլիոն ամերիկեան տոլար: Պարսելոնայէն Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուած արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ այս տարի պիտի շահի 110 միլիոն եւրօ, նահանջեց երկրորդ դիրք: Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Մեսսիի խմբակից  պրազիլցի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Առաջին Անգամ Ըլլալով Օտար Իրաւարար Մը Նկատի Առնուեցաւ

«Փրեմիեր Լիկ». Առաջին Անգամ Ըլլալով Օտար Իրաւարար Մը Նկատի Առնուեցաւ

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով օտար իրաւարար մը նկատի կ՛առնուի Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: 25 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ուաթֆորտ-Նիւքասըլ մրցումին, որ կ՛իյնայ 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, օրուան գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ աւստրալիացի Ճերըտ Ճիլեթ: Նշուեցաւ, որ 34 տարեկան իրաւարարը այս տարեշրջանին եղած է «ՎԱՐ» համակարգի իրաւարար` «Փրեմիեր Լիկ»-ի...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալեքսանտր Գրիգորեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայկական Ֆութպոլ. Ալեքսանտր Գրիգորեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ` երկուշաբթի 20 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեան, ներկայացնելէ ետք իր հրաժարականը, հեռացաւ կազմէն: Ան իր հրաժարականը ներկայացուց Նորավանքի հետ իր կազմին արձանագրած 0-0 արդիւնքով հաւասարութենէն ետք (7-րդ հանգրուան), նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ Ալաշկերտ, որ այժմ ապահոված է միայն երկու կէտ, այժմ կը գրաւէ...

Կռփամարտ.  Գուրգէն Յովհաննիսեան Արհեստավարժ  Ռինկի Վրայ  Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Կռփամարտ. Գուրգէն Յովհաննիսեան Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Միացեալ Նահանգներու Պէյքըրսֆիլտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, հայ կռփամարտիկ Գուրգէն Յովհաննիսեան արհեստավարժ ռինկի վրայ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով մը: Ան առաջին իսկ ռաունտին, նաքաութի ենթարկեց ամերիկացի իր մրցակիցը` Ճէյվըն Տաֆնին: Նշենք, որ վերջերս Յովհաննիսեան պայմանագրութիւն մը կնքեց կռփամարտի մրցումներ կազմակերպող «ՓԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ընկերութեան հետ:

Ռուսական Ֆութպոլ.  Արսէն Զախարեան Կերտեց  Տինամօ Մոսկուայի Յաղթանակը

Ռուսական Ֆութպոլ. Արսէն Զախարեան Կերտեց Տինամօ Մոսկուայի Յաղթանակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն Տինամօ Մոսկուա, որ հիւրը եղաւ Սոչիին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Տինամոյի այս յաղթանակը կերտեց Ռուսիոյ ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Արսէն Զախարեան, որ 12-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, գերմանացի մարզիչ Սանտրօ Շվարցի գլխաւորած կազմը` Տինամօ, այժմ 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէտով մը ետ մնալով պարագլուխի դիրքին...

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ  Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Ճիմի Կրիվզ

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Ճիմի Կրիվզ

Անգլիական Թոթենհամի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին գուժեց իր անցեալի նախկին ֆութպոլիստ Ճիմի Կրիվզի մահը: 1966-ի Մոնտիալին Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Կրիվզ մահացաւ 81 տարեկան հասակին: Կրիվզ, որ անցեալին մաս կազմած է նաեւ լոնտոնեան այլ կազմի մը` Չելսիի, կը հանդիսանայ Թոթենհամի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգը` 266 կոլով: Նշենք նաեւ, որ ան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ալ ռմբաձիգն...

Իտալական Ֆութպոլ.  Եուվենթուսի Վատագոյն Մեկնարկը` 1961-էն Ետք

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուսի Վատագոյն Մեկնարկը` 1961-էն Ետք

Իտալիոյ ֆութպոլի անուանի ակումբներէն Եուվենթուս, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ա. Սէ. Միլանի հետ, շարունակեց առանց յաղթանակներու իր շարքը (ախոյեանութեան գծով): Ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ընթացքին, Եուվէ, որ արձանագրած է միայն երկու հաւասարութիւն եւ կրած երկու պարտութիւն, այժմ երկու կէտով միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ դիրքը: Այսպիսով, անիկա ունեցաւ իր...

Տանիել Քարվախալ Մէկ Ամիսով  Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Տանիել Քարվախալ Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող սպանացի յետսապահ Տանիել Քարվախալ, որ սրունքի մկանային վնասուածք ստացաւ, մէկ ամիսով պիտի չկարենայ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուիլ: 29 տարեկան Քարվախալ, որ իր վնասուածքը ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին, Վալենսիայի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (5-րդ հանգրուան) 26-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ մրցումի եւ նշանակած կոլ մը: Ռէալի վիրաւոր...

Խամես Ռոտրիկեզ Կրնայ Տեղափոխուիլ  Քաթարի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Խամես Ռոտրիկեզ Կրնայ Տեղափոխուիլ Քաթարի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Անգլիական Էվըրթընի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ շատ հաւանաբար շուտով հեռանայ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց «Սքայ Սփորթց»-ը: Նշուեցաւ, որ քոլոմպիացին տարակարծութիւններ ունի ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսի հետ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Ռոտրիկեզով հետաքրքրուած են Ռուսիայէն եւ Քաթարէն մէկական ակումբներ: Քաթարը ներկայացնող ակումբը, որուն անունը ներկայիս չի նշուիր, արդէն իսկ կը բանակցի 30 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ...

Սպանական Ֆութպոլ.  Ռէալ Մատրիտ Կրկնեց Իր Ակումբին Մրցանիշը

Սպանական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Կրկնեց Իր Ակումբին Մրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Վալենսիային, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, մատրիտեան ակումբը երկարեց օտար դաշտերու վրայ իր անպարտելիութեան շարքը` զայն հասցնելով 18-ի: Անիկա այսպիսով կրկնեց իր ակումբին մրցանիշը, որ իրագործած էր երկու անգամ, առաջինը` մարտ 1996-էն փետրուար 1997, իսկ երկրորդը` յունուարէն դեկտեմբեր 2016: Ռէալ Մատրիտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Մայորքա...

Սեթիեն Կրնայ Պարսելոնայէն  14 Միլիոն Եւրօ Հատուցում Ստանալ

Սեթիեն Կրնայ Պարսելոնայէն 14 Միլիոն Եւրօ Հատուցում Ստանալ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Էնրիքէ Սեթիեն, որ քաթալոնական ակումբին դէմ դատ բացած է, կրնայ 14 միլիոն եւրօ հատուցում ստանալ: «Ի-Սփոր-3» կը յայտնէ, որ ան ստիպուած եղած է դատարան դիմել, որովհետեւ Պարսելոնա զինք պաշտօնազրկած է առանց հատուցում տալու: Քաթալոնական կազմը պատճառաբանած էր, որ ան հանդերձարանին մէջ հեղինակութեան պակաս ունի: Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա այսպիսի քայլի դիմած էր, որովհետեւ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Լիբանան 4-0 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Պրազիլէն

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան 4-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պրազիլէն

Երէկ եւ նախանցեալ օր, երկու օրուան տեւողութեամբ, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի ունեցան Լիբանան-Պրազիլ ճակատումները, որոնք տեղի կ՛ունենան թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային Ա. դասակարգի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ: Պրազիլ շաբաթ օր արձանագրեց 2 յաղթանակ: Անիկա երէկ եւս երկու յաղթանակ արձանագրելով Լիբանանի դէմ իր ճակատումը արձանագրեց 4-0 արդիւնքով: Երկու օրերուն ալ լիբանանցի մարզիկներուն կատարած մրցումներուն ընթացքին ներկայ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան  Պարգեւատրեց Էլինա Դանիէլեանը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պարգեւատրեց Էլինա Դանիէլեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահական նստավայրին մէջ ընդունեց կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեանին: Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կրանտմասթըրը վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպայի աղջկանց ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, իր տպաւորիչ եւ բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց անոր կատարած այս իրագործումը եւ այս առիթով  հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար պետական Բ. կարգի բարձր պարգեւ մը յանձնեց անոր: Այս հանդիպումին ընթացքին...

Ազրպէյճանցիները Փորձեցին Հոգեբանական  Ճնշում Բանեցնել Լեռնային Արցախի  Պատանի Ֆութպոլիստներուն Վրայ

Ազրպէյճանցիները Փորձեցին Հոգեբանական Ճնշում Բանեցնել Լեռնային Արցախի Պատանի Ֆութպոլիստներուն Վրայ

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Լեռնային Արցախի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը` անդրադառնալով Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ Որոտանի շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին: Նշուեցաւ, որ ազրպէյճանցի զինծառայողները կանգնեցուցած են Լեռնային Արցախի պատանեկան խումբին փոխադրակառքը եւ սպառնացած պատանի ֆութպոլիստներուն: «Ազրպէյճանցիները կանգնեցուցին մեր փոխադրակառքը եւ կատարեցին անկարեւոր մանրակրկիտ ստուգումներ: «Իսկ փոխադրակառքին փակցուած Արցախի դրօշակը եւ խորհրդանիշները քերթեցին...

Ճատրակ. «Շարժա Մասթըրզ-4»  Միջազգային Մրցաշարք  Հայկ Մարտիրոսեան` 4-րդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. «Շարժա Մասթըրզ-4» Միջազգային Մրցաշարք Հայկ Մարտիրոսեան` 4-րդ Դիրքին Վրայ

Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Շարժա Մասթըրզ-4» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ այժմ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` կէս կէտով ետ մնալով յառաջատարէն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ Մարտիրոսեան ապահոված է 2 կէտ: Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները` Տիգրան Յարութիւնեան եւ...

Վահան Բիչախչեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Վահան Բիչախչեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Սլովաքիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Զիլինա, որ հիւրը եղաւ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սլովան Պրաթիսլաւային, արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւր կազմին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Վահան Բիչախչեան յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել` իր կոլերը նշանակելով 11-րդ (փենալթիով) եւ 38-րդ վայրկեաններուն: Մրցում մը նուազ կատարած Պրաթիսլաւա, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, այժմ ապահոված...

«Քալչիօ».  Մուրինիոյի Առաջին  Պարտութիւնը` Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

«Քալչիօ». Մուրինիոյի Առաջին Պարտութիւնը` Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Վերոնային, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Այս պարտութիւնը փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին համար եղաւ առաջինը` իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր փորթուգալցիին կողմէ, դաշտ ներկայացաւ 66-րդ վայրկեանին, մինչ արդէն իսկ նշանակուած էին մրցումին հինգ...

Ֆրանսայի Մէջ Անկարգութիւններ`  Լանս-Լիլ Մրցումին

Ֆրանսայի Մէջ Անկարգութիւններ` Լանս-Լիլ Մրցումին

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Լիկ-1) 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Լանս-Լիլ մրցումին տեղի ունեցան անկարգութիւններ: Լանսի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումի Ա. կիսախաղի դադարին, երկու խումբերուն համակիրները իրարու հասցէին ուղղեցին վիրաւորական ու նախատական խօսքեր եւ նոյնիսկ հայհոյանքներ: Լիլի համակիրները մարզադաշտ մուտք գործելով փորձեցին յարձակիլ դաշտին տիրոջ համակիրներուն վրայ, ապա տեղի ունեցաւ զանգուածային բախում: Կացութեան տէր դառնալ փորձող դաշտին...

Թոքիոյի Մարաթոնը  Տեղի Պիտի Ունենայ 2022-ին

Թոքիոյի Մարաթոնը Տեղի Պիտի Ունենայ 2022-ին

«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիոյի մարաթոնը տարիով մը յետաձգուեցաւ եւ այժմ տեղի պիտի ունենայ 2022-ին, այս մասին յայտնեցին անոր կազմակերպիչները: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ մարտին, սակայն անիկա յետաձգուեցաւ այս տարուան հոկտեմբերին, այն յոյսով, որ վերոնշեալ ժահրով վարակումները նուազում կ՛արձանագրեն: Սակայն անիկա դարձեալ յետաձգուեցաւ, այս անգամ` յառաջիկայ տարուան: 2020-ի մարաթոնին մասնակցեցան շուրջ 200 վազողներ, որոնք բոլորն ալ արհեստավարժ էին եւ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լոնտոնեան Տերպին Վերջ Գտաւ Չելսիի Տպաւորիչ Յաղթանակով

«Փրեմիեր Լիկ». Լոնտոնեան Տերպին Վերջ Գտաւ Չելսիի Տպաւորիչ Յաղթանակով

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր Չելսի մրցեցաւ Թոթենհամի դէմ: Լոնտոնեան այս տերպիի մրցումին յաղթականը եղաւ գերմանացի Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմը` Չելսի, որ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին 3 անպատասխան կոլերը նշանակեցին` Թիակօ Սիլվա (49-րդ), Նկոլօ Քանթէ (57-րդ) եւ Անթոնիօ Ռէօտիկեր (90+2-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Չելսի այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին...

Page 464 of 1280 1 … 463 464 465 … 1,280

Արխիւներ