Հայաստանը ներկայացնող երեք կրանտմասթըրներ կը շարունակեն իրենց ելոյթները` «Շարժա Մասթըրզ-6» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան այս հանգրուանին անակնկալ պարտութիւն մը կրեց, մինչ Արամ Յակոբեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան հաւասարութիւն արձանագրեցին:
Այս հանգրուանէն ետք, առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Իրանի ներկայացուցիչը, որ ապահոված է 5 կէտ` առաւելագոյն 6 կէտէն:
Յակոբեան ունի 3,5 կէտ, իսկ Մարտիրոսեան եւ Յարութիւնեան` 3-ական կէտ:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 58 ճատրակ խաղացողներ: