Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի Յակոբ Տօնոյեանի անուան մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 24 սեպտեմբերին, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտի եւ բաժակակիր Արարատի միջեւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Աշոտ Ղալթախչեան:
Իսկ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Մեսրոպ Ղազարեան եւ Սարգիս Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պիտի սկսի ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):



