Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ ճանչցուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ( «Լիկ-1») օգոստոս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը:
22 տարեկան ֆրանսացին, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 6-րդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ այս մրցանակին, յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Այս ցուցանիշով, նախկին մրցանշանակիրն էր անոր իսկ ակումբին մաս կազմող նախկին յառաջապահ, շուէտացի Զլաթան Իպրահիմովիչ (այժմ` Ա. Սէ. Միլան), որ անցեալին հինգ անգամ ստացած էր «Լիկ-1»-ի ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը:
Նշենք, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին, միջազգային յառաջապահ Էմպափէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս մրցումի, նշանակեց երեք կոլ եւ կատարեց երկու էսիսթ: