Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ուեսթ Համ Եունայթըտ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց մարզիչ Օլէ-Կունար Սոլսքիարի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Մանչեսթըրի «Օլտ Թրեֆորտ»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, արժանթինցի Մանուէլ Լանցինի նշանակեց մրցումին միակ կոլը, 9-րդ վայրկեանին:
Մրցումէն բացակայեցաւ Մանչեսթըրի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Նշենք, որ Ուեսթ Համ 2007-էն ի վեր «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել: