Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի արժանացաւ «Ոսկիէ խաղակօշիկ»-ի մրցանակին:
Ան այսպիսով տիրացաւ նախորդ տարեշրջանին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն լաւագոյն մրցանակին` 29 մրցումի ընթացքին նշանակելով 41 կոլ:
Լեհ յառաջապահը, «Պունտըսլիկա»-ի (Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) ամբողջ պատմութեան մէջ առաջին ներկայացուցիչն է, որ կ՛արժանանայ այս մրցանակին:
Նշենք, որ լաւագոյն ռմբաձիգներու ցանկին մէջ են նաեւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ, արժանթինցի Լիոնել Մեսսի եւ Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ, փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: